2012-04-08 10:06:24

<<Մոմը որ լույս կու տայ իքնզինք նուիրելով կը մատնանշէ Զատկուայ խորհուրդը ուր Քրիստոս կը նուիրէ իքնզինքը` աշխարհին սփռելով Յարութեան լոյսը։>> Ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Աւագ Շաբթուայ Երեկոյան Հսկումի Առթիւ։


Շաբաթ 7 Ապրիլի՝ երեկոյեան ժամը 9ին Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի անուան Մայր Տաճարին մէջ, գլխաւորեց երեկոյեան հսկումի աղօթքը, ի պատրաստութիւն ՜՜Յիսուսի Սուրբ Յարութեան՝՝ տօնին։
Արարողութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ <<կրակի օրհնութիւն>> ու մկրտութեան խորհուրդի մատակարարում։
Իր արտասանած Քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց <<Լոյսի>> վրայ մէջբերելով Գիրգ Ծննդոցէն քաղուած Աստուծոյ խօսքը <<Թող Լոյս Ըլլայ>>։ Սուրբ Զատիկի օրը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Աստուած նորէն << Թող Լոյս Ըլլայ>> կ՛ըսէ։ Սուրբ Զատկուայ տօնակատարութեամբ ստեղծագործութիւնը կը նորոգուի։
Յիսուս Յարութիւն կ՛առնէ մեռելներէն։ Կեանքը կը յաղթահարէ մահուան։ Բարին կը յաղթահարէ չարին։ Սէրը կը յաղթահարէ ատելութեան։Եւ ճշմարտութիւնը կը յաղթահարէ սուտին։
Մոմը սպարելով է որ լոյս կու տայ։ Լոյս կը սփռէ ինքզինք նուիրելով։ Այսպէսով ան հրաշալի կերպով կը ներկայացնէ Զատկուայ Խորհուրդը ուր Քրիստոս ինքզինք կը նուիրէ աշխարհի տալով <<հրաշալի Լոյսը>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.